Մեկնարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «ՀՀ Նախագահի Երիտասարդական Մրցանակ» բաց մրցոյթը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի խորհրդական եւ ծրագրի պատասխանատու Աիդա Խաչիկեան ԱՐՑԱԽՓՐԷՍ-ի հետ զրոցին ըսած է, որ մրցանակը հիմնուած է 2004 թուականին եւ կը տրուի իւրաքանչիւր տարի` ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող  արուեստի եւ գրականութեան բնագառներէն ներս ստեղծագործող երիտասարդ հեղինակներուն:

«Ծրագրի նպատակն է բացայայտել, խրախուսել եւ գնահատել հայ ապագայ մտաւորականութիւնը»,- ըսած է զրուցակիցը եւ աւելցուցած, որ մրցոյթը կ’իրականացուի  երեք փուլով, իսկ յաղթողը կ’ընտրուի փակ քուէարկութեամբ:

Նշենք, որ ՀՀ Նախագահի մրցանակը կը ֆինանսաւորէ «Պօղոսեան» հիմնադրամը (Պելճիքա-Զուիցերիա): Իբրեւ մրցանակ`կը  շնորհուին դափնեկիրի վկայագիր, կրծքանշան եւ դրամական պարգեւ` 2.500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի չափով: