Իր աւարտին հասաւ 20-րդ հեռուստամարաթոնը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած «Բերքառատ Արցախ» խորագիրի տակ տեղի ունեցած 20-րդ հեռուստամարաթոնը իր աւարտին հասաւ Լոս Անճելըսի մէջ:  Հաւաքուած է 12,505,456 տոլար նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:

Հեռուսատմարաթոնի աւարտին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր նուիրատուներուն՝ յոյս յայտնելով, որ յաջորդ տարի կը կարենան այդ գումարը կրկնապատկել եւ եռապատկել:

Յիշեցենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հրապարակած է «Բերքառատ Արցախ» խորագրով 20-րդ հեռուստամարաթոնի տասը խոշոր նուիրատուներու ցանկը:

Շարքը կը գլխաւորէ անանուն բարերարը Միացեալ Նահանգներէն` 2.5 միլիոն տոլար: Երկրորդը ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է` 2 միլիոն 250 հազար տոլար նուիրատուութեամբ:

Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային գործարանը 350 հազար տոլար փոխանցած է հիմնադրամի այս տարուան ծրագիրներու իրագործման, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանը` 200 հազար տոլար, Վարդանեաններու ընտանիքը`125 հազար տոլար, «Արցախ» հայրենակցական միութեան նախագահ, գործարար Վարուժան Գրիգորեանը, գործարար Բարսեղ Բէգլարեանը, ԱՄՆ-էն անանուն բարերարը, Պաղտասարեաններու ընտանիքը, իրանահայ  Հենրիկ Տէր Ղուկասեանը, «Վալեքս գրուպ»-ը` 100 հազարական տոլար: Վահէ Կարապետեանը նուիրած է 60 հազար տոլար, Ժան Մարի Ադամեանը եւ Ալպերթ Պոյաճեանը 50 հազարական դոլար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն 2017»-ի արդիւնքով հաւաքուած է 12 միլիոն 505 հազար 456 ԱՄՆ տոլար, որ պիտի ուղղուի երկու խոշոր ծրագրի. Արցախի մէջ խորքային հորերու հորատման ու նորոռոգման ցանցի կառուցման, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման առաջին փուլով Ասկերանի շրջանին եւ Շուշիի մէջ: