Վան քաղաքի անցեալի հայ բնակիչներուն կեանքը վերստին յարութիւն առաւ

Ժուլիա Մութլուի Եւ Այթաչ Արազ Սելչուքի Վանի Պատմական Տարազներու Ցուցահանդէսը

Նոյեմբեր 27-ին, Պէյօղլուի քաղաքապետութեան Երիտասարդաց ծառայութիւններու կեդրոնին մէջ, բացումը կատարուեցաւ հայկական պատմական տարազները վերարտադրող Ժուլիա Մութլուի եւ վանեցի ուսուցիչ Այթաչ Արազ Սելչուքի գործակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, որ հրաշալի իրագործում մըն էր մեր նախնեաց յիշատակը ոգեկոչելու առումով։ Ցուցահանդէսը կոչուած էր նշանակալից անունով մը. «Եատիկարը Աղթամար», ¤«Աւանդ՝ Աղթամարի»)։

Ժուլիա Մութլու, որ բնօրինակներու յար եւ նման աւելի քան 150 հայկական տարազներ կարած է իր իսկ ձեռքերով եւ իր ծախսերով, առաջարկ ընդունեց վանեցի ուսուցիչ Այթաչ Արազ Սելչուքէն այդ տարազներով Վանի հայկական հետքերու մօտ լուսանկարներ քաշելու եւ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու համար։ Այթաչ Արազ, որ վարպետ լուսանկարիչ մըն էր, շատ լաւ ուսումնասիրած էր Վանի հայկական մնացորդները եւ կ՛ուզէր, որ անոնք պատմութեան էջերուն մէջ անջնջելի տեղ գրաւեն։ Ժուլիա Մութլու ընդունեց առաջարկը եւ Այթաչին տրամադրեց 19 հայկական տարազներ։ Լուսանկարիչը այդ տարազները հագցուց հայու դէմքերով զանազան երիտասարդուհիներու, երիտասարդներու, նաեւ տարեցներու եւ զանոնք տարաւ հայկական անխօս մնացորդացը մօտ եւ այնտեղ գեղարուեստական նկարներ քաշեց։

Ցուցահանդէսին ընթացքին այցելուները հիացումի եւ սրտաբեկութեան զգացումներով դիտեցին այն 43 մեծադիր նկարները, որոնք բացառիկ գեղեցկութիւն ունէին, ցոլացնելով արուեստագէտի բարձր ճաշակ եւ խղճամիտ  զգայնութիւն։

Նկարները կը ներկայացնէին Վանայ ձուկը, Վանայ կատուն, Վանայ լիճը, Վանայ Արտամէտ գիւղաքաղաքի հայոց եկեղեցիէն դուրս բերուած մկրտարան մը, եկեղեցիներու մնացորդներ, այս կարգին Վանայ Աղբակ կամ Ադամակերտ ¤Պաշքալէ) գաւառակի Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալի վանքի, նաեւ մետաքսի ճամբուն վրայ Վան քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի մնացորդացը, Ոստան քաղաքը, Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ վանքի ու Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսարանի հարաւ արեւելեան ճակատի աւերուած Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մնացորդացը, ձեռարուեստի գործեր, թոնիրներ, եւ այս բոլորին առջեւ հայկական տարազներով պահակ կանգնած անձեր, որոնք կարծես կ՛աղաղակէին. «Դար մը առաջ այս բոլորին տէրերը մենք էինք, բայց հիմա չկանք»։

Երբ կը մեկնէինք հարց տուինք Այթաչին թէ ի՞նչ էր նպատակը այս ցուցահանդէսը կազմակերպելու։ Ան պատասխանեց որ իր մեծագոյն փափաքն է անցեալը յիշեցնել։ Յայտնեց որ իր միջամտութեամբ եթէ բաներ մը փոխուին մտայնութիւններու մէջ, ինք շատ երջանիկ պիտի զգայ ինքզինքը։

Իսկ Ժուլիա Մութլու յայտնեց որ ինք ալ որպէս հայ անհատ՝ կ՛ուզէ մեր անցեալին հետ հաղորդուիլ եւ մշտարծարծ պահել մեր նախնիքներու յիշատակը։

Վերջաւորութեան, Ժուլիա Մութլու Աղթամարը մարմնաւորող հայաստանեան յուշանուէր մը յանձնեց Այթաչ Արազին։

Յայտնենք որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 Դեկտեմբեր։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»