Դեկտեմբեր 5-ին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելինական հանդիսութիւն եւ շնորհանդէս` նուիրուած Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան 20-ամեակին եւ համանուն տարեգիրքի 11-րդ թիւի լոյս ընծայման: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
Վրաստանի հայ գրական, թարգմանչական եւ հրատարակչական միտքը համախմբող եւ ստեղծագործական գործունէութիւնը համակարգող միութեան նուիրուած ձեռնարկը նախաձեռնած էին «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնը եւ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը:
Պատուաւոր նախագահութեան մէջ էին բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազարը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Արտակ Կրապսքին, Վրաստանի երիտասարդ ստեղծագործողներու հիմնադրամի նախագահ, բանաստեղծ-թարգմանիչ Մաղուալա Կոնաշվիլին եւ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը:
Ձեռնարկը բացաւ կեդրոնի ղեկավար Գիսէ Յովսէփեանը: Ան արձանագրեց Յովհաննէս Թումանեանի տան պատմութիւնը` արժեւորելով Վիրահայոց թեմին զայն վերադարձնելու գործի նախաձեռնողները, աջակիցներն ու հովանաւորները:
Տօնահանդէսի վարող բանաստեղծ, «Վերնատուն» միութեան հիմնադիր նախագահ Ժորա Սնխչեանը անդրադարձաւ անկախութեան ուղին բռնած ետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գրողները համախմբող ազգային կազմակերպութիւններ ունենալու ժամանակի անհրաժեշտութեան, միութեան ստեղծման նուիրեալներուն եւ թումանեանական շունչով տոգորուած «Վերնատուն» անունով այս կազմակերպութեան ստեղծման: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին կեանքէն հեռացած այն 25 գրչակից ընկերները, որոնք իրենց նուիրումը բերին միութեան,աշխուժօրէն ներգրաւուեցան ստեղծագործական, թարգմանչական, տպագրական, հրատարակչական, մատաղ սերունդի ստեղծագործական մտքի զարգացման աշխատանքներուն:
Միութեան գործունէութեան ուղենիշներէն է Հայաստանի եւ Վրաստանի գրողներու միութիւններուն մերձեցումը, հայ-վրացական գրական կապերուն զարգացումը, թարգմանութիւններու ծաւալումը: Այդ պատգամի իրականացման, երկու ժողովուրդներու գրականութիւններու զարգացման գործին ներդրած աւանդին համար՝ ՀՀ Գրողներու միութիւնը ոսկէ մետալով պարգեւատրեց բանաստեղծ-թարգմանիչ Մաղուալա Կոնաշվիլին, որուն մասին պատեհ առիթով բարձրաձայնեց Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդականը, իսկ ձեռնարկը վարողը զայն փոխանցեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամին:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ «Վերնատուն» տարեգիրքը, որ տարիներ շարունակ իր էջերուն մէջ հաւաքագրած, խմբագրած ու ընթերցողին ներկայացուցած է միութեան անդամներու ստեղծագործութիւնները` արձակ, թէ չափածոյ, կատարուած թարգմանութիւնները, յօդուածները, գրախօսութիւնները, հրապարակախօսութիւնները: Հայ ընթերցողի սեղանին դրուած են վրաց, ռուս եւ արտասահմանեան գրականութպեան դասական եւ արդի գործեր, ներկայացուած երկու բարեկամ ժողովուրդներու մշակութային կեանքը: Ժորա Սնխչեանը երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Վիրահայոց թեմին եւ անոր առաջնորդին, անհատ բարերարներուն, որոնց աջակցութեամբ միութիւնը կեանքի կը կոչէ իր կանխագծումները:
Յոբելինական երեկոն ամփոփեց Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանը:
Ձեռնարկը իրենց ասմունքով գեղեցկացուցին Լիզա Թորոսեանը, Բեգլար Ախտեանը, Լեւոն Չիդիլեանը, Աննա Անանովան եւ Բազոյեան քոյր-եղբայրները իրենց երգ-նուագով: