«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերքէյ Լաւրովի, ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցիչ Վերոնիք Ռոժէ-Լականի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի` Արցախեան խնդրի կարգաւորման հարցով համատեղ յայտարարութիւնը շատ կարեւոր է եւ կ՝ապահովէ բանակցային գործընթացին շարունակականութիւնը:
Ամենակարեւորը այն է, որ այդ յայտարարութեան մէջ յայտնի երեք սկզբունքներէն ո՛չ մէկուն նախապատւութիւն կը տրուի, կը նկատուի յստակ հաւասարակշռուածութիւն»,- ըստ Panorama.am-ի, նման համոզում յայտնած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը` անդրադառնալով ԵԱՀԿ մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ հանդիպման աւարտին ընդունուած յայտարարութեան:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ առաջ կը տարուի փոխհամաձայնեցուած կարգաւորման փիլիսոփայութիւնը:
«Կարեւորը այն է, որ կը շեշտուի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը: Ասիկա կը նշանակէ, որ խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ կրկին կը գործադրուին մեծ ջանքեր: Պակաս կարեւոր չէ, որ յայտարարութեան մէջ որեւէ պարտադրանք, որոշում կամ առաջարկ չկայ, այլ կայ միայն խաղաղ կարգաւորման կոչ: Մենք ԵԱՀԿ համանախագահող երկիրներու միջեւ կը տեսնենք համաձայնութիւն, այսինքն` խաղաղ կարգաւորում, միջազգային հանրութեան հաւաքական մօտեցում»,- նկատած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կը կիսէ՞ որոշ փորձագէտներու այն կարծիքը, որ Հայաստան-ԵՄ նոր համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք հայկական կողմը բանակցային գործընթացին մէջ զգալի ամրապնդած է դիրքերը, Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը ըսած է. «Ատրպէյճանը մինչ այդ համաձայանգիրին ստորագրումը անընդհատ կը փորձէր Հայաստանը ներկայացնել հակաարեւմտեան երկիր մը: Սակայն, փաստաթուղթին ստորագրումը փակեց հակառակորդի ջղագրգիռ շահարկումներուն դաշտը: ՀՀ-ԵՄ նոր համաձայնագիրը միանշանակօրէն բարձրացուցած եւ ամրապնդած է հայկական գործօնի դերը` իբրեւ Ռուսիա-Արեւմուտք կամուրջ»:
Յիշեցնենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` այսօր համատեղ յայտարարութիւն տարածած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ: