«Միսս զբօսաշրջութիւն Աշխարհ-2017» (Miss tourism world) մրցոյթին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը: Այս մասին կը յայտնէ «Թոփ մոտել Հայաստան» ազգային ընկերակցութեան հիմնադիր Գէորգ Ասատրեանը:
«Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի նման հեղինակաւոր եւ ներկայացուցչական մրցոյթի եզրափակիչին: Ան տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարուան Յունուար 8-էն 28, Մալեզիոյ մէջ:
“Հայաստանը այս մրցոյթին ներկայացնելու իրաւունքը տրուած է Գարուն Եարալեանին: Ան ընտրուած է չափազանց երկար տեւած ընտրութիւններէ ետք: Մրցոյթի չափանիշներուն շատ քիչերը կը համապատասխանէին: Գարունը ընտրուած է իր քանի մը լեզուներու իմացութեան շնորհիւ»,- ըսած է Ասատրեան:
Գարուն Եարալեանը սուրիահայ է, վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան։ Կ՛ուսանի Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ մէջ։ Կը տիրապետէ քանի մը լեզուներու․ հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), անգլերէն, արաբերէն, թրքերէն։