Կեսարիոյ հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի

Այսօրուան Թուրքիոյ Կեսարիա (Քայսերի) քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Ոգեկոչելով թրքական «Hürriyet» թերթը՝ Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ Կեսարիոյ քաղաքապետարանը եկեղեցւոյ վերանորոգման համար պիտի յատկացնէ 3,5 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 915 հազար տո­լար): Կեսարիոյ քաղաքապետարանի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Կեսարիոյ շրջանի մշակութային յուշարձան­ներու պահպանութեան խորհուրդի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, 2018-ի տարեսկիզբին պիտի աւար­տեն եկեղեցւոյ վերականգման նա­խագիծը:

Այնուհետեւ պիտի սկսին վերանորոգման աշխատանքները, որ պիտի տեւէ 4,5 ամիս: Կը նախատեսուի վերակառուցել նաեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Կիւմուշեան դպրոցին շէն­քը, զոր 1868 թուականին կառուցած են Դանիէլ եւ Յովհաննէս Կիւ­մուշեան եղբայրները: Կեդր. Անատոլիայի այս ամե­նահին եկեղեցին, որ կառուցուած է 1191 թուականին, հայերուն համար եղած է կարեւոր  ուխտավայր:

Աղբիւրը նաեւ կ’անդրադառնայ հայերուն համար Կեսարիոյ նշա­նակութեան` յիշեցնելով, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը ծնած եւ մեծցած է հոն: Անոր առաջնորդութեամբ՝ հայոց թագաւոր Տրդատ 3-րդը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ըն­դունած է իբրեւ պետական կրօն, իսկ Սուրբ Գրիգորը ետ ուղարկած է Կեսարիա, ուր ան օծուած է Հայաստա­նի առաջին կաթողիկոս: