«Յառաջիկայ տարի մենք դարձեալ դատարան պիտի ներկայանանք» «Հայ Ձայն»ին ըսաւ Թուրքիոյ բանակին մէջ անարգ ձեւով սպաննուած Սեւակ Պալըքճիին մայրը ՝ Անի Պալըքճին:
Ան նաեւ նշեց, որ հարցը ներկայիս տարուած է քաղաքացիական դատարան շեշտելով, որ նախկին դատերը եղած են զինուորական դատական ատեանին առջեւ: Պալըքճի նաեւ նշեց, որ մինչ անցեալ փուլերուն դատական նիստերը կը կատարուէին Տիարպէքիրի մէջ, յառաջիկային տեղի ունենալիք դատավարութիւնը պիտի կատարուի Թուրքիոյ Պաթման քաղաքին մէջ:
Պալըքճի նաեւ նշեց, որ իրենց պահանջն է ցկեանս բանտարկութեան պատիժ տրուի Սեւակը միտումնաւոր կերպով սպաննած Կուանչ Աղաօղլու , որ շատ կարճ ժամանակով մը բանտը մնալէ ետք ներկայիս կը գտնուի ազատութեան մէջ:
«Ես յոյս ունիմ, որ նոր նշանակուած դատախազը մեր իրաւունքը պիտի տայ ու վերջապէս պատժէ յանցագործը» ըսաւ Պալըքճի նշելով որ դատը պիտի կատարուի յառաջիկայ փետրուարին:
Ան իր խօսքը եզրակացնելով նշեց նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ շատ քիչ է այն անձերը, որոնք մօտէն կը հետեւին Պալըքճիի սպաննութեան գործին եւ կը զօրակցին իրենց:
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սեւակ Պալըքճի սպաննուած էր թուրք ծառայակից Քուանչ Աղաօղլուին ձեռամբ ՝ 24 Ապրիլ 2011-ին:
Սագօ Արեան. «Հայ Ձայն»ի աւագ յօդուածագիր