Սելինա Տողան. «Այս տարի Թուրքիոյ մէջ Ս․ Ծնունդը կը դիմաւորենք ա՛լ աւելի փոքր թիւով եւ ա՛լ աւելի շատ անվտանգութեան աշխատակիցներու ներկայութեամբ»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան թրքական Gazeteduvar.com.tr կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ամփոփած է2017-ի Թուրքիոյ կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւնները, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

Տողան նկատել տուած է, որ որ անցած 2017 թուականը Թուրքիոյ մէջ նշանաւորուած է որպէս ընդդիմութեան դէմ աւելի բուռն ճնշումներու, արդարադատութեան համակարգի` իշխանութիւններոն ծառայեցուած ըլլալու եւ շարք մը այլ անօրէնութիւններու տարի:

Ըստ հայ պատգամաւորին` գլխաւոր քաղաքական իրադարձութիւնը Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի իրականացումն էր, որ իրականացուեցաւ արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ եւ հակառակ ընտրողներու ուղիղ կէսին` ատոր դէմ ըլլալուն, փոփոխութիւններու փաթեթը անցաւ:

«Թուրքիան մարդկային առումով կորսնցուց իր արժէքները»,- համոզուած է Տողան:

Ան նաեւ շեշտած է, որ ա՛լ աւելի լարուած իրավիճակի մէջ յայտնուած են կրօնական փոքրամասնութիւնները, որոնց անվտանգութեան խնդիրը օրէ օր աւելի խրթին կը դառնայ, իսկ հայ ու միւս քրիստոնեայ համայնքներուն թիւը երթալով կը նուազի:

«Այս տարի Սուրբ Ծնունդը կը դիմաւորնք ա՛լ աւելի փոքր թիւով եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու ա՛լ աւելի մեծ ներկայութեամբ», – եզրափակած է հայ պատգամաւորը: