Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը արժանացած է դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին

Տիգրան Մանսուրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացած է Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:

Մրցոյթը տեղի ունեցած է Յունուար 18-էն 20 Լիւքսեմպուրկի մէջ:

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս իրադարձութեան հետ կապուած Տիգրան Մանսուրեան ըսած է, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներու` իր երկի նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքէն եւ շնորհակալ: