Յունաստանի մօտ՝ Հ. Հ. դեսպան Պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան հանդիպում ունեցաւ Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի հետ

Յունաստանի մօտ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան ընդունեց Հայաստանակեդրոն Ռ.Ա.Կ.-եան Գերագոյն Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝  Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի, որ Լոնտոնէն ժամանած է կուսակցական առաքելութեամբ:

Երկու ժամ տեւողութեան հանդիպման ընթացքին, քննարկած են գաղութը հետաքրքրող զանազան հարցեր, ինչպէս կազմակերպչական, փոխյարաբերութիւններ, եկեղեցական, ազգային, հարիւրամեակի եւ Ապրիլ 24 ի հետ կապուած նիւթերու մասին:

Յարգարժան պրն. Դեսպանը, մեծ գնահատանքով եւ քաջալերանքով արտայայտուած է Ռ.Ա. Կուսակցութեան հայրենանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան մասին, ի Հայաստան եւ Սփիւռք աշխարհի:

Տեսակցութեան աւարտին, երկուստեք փոխադարձ՝ խոր գոհունակութեամբ արտայայտուած են, սոյն շահեկան հանդիպման համար:

Նոր Աշխարհ