Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հերթական Դատավարութեան Պիտի Դատուին Տրապիզոնի Ոստիկանութեան Պաշտօնեաներ

Յառաջիկայ շաբաթ 29 եւ 30 Յունուար, 1 եւ 2 Փետրուար թուականներուն, Սթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանին մէջ, պիտի կայանայ  Հրանդ Տինքի սպանութեան հերթական դատավարութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը։

Այս շաբաթուան դատական նիստին պիտի դատուին Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան  պաշտօնեաներ՝ Էօնտեր Արաս, Վոլքան Շահին, Ճեւաթ Էսեր, Իւնսալ Կիւրել, Ռէսուլ Քիւթիւքօղլու եւ Հաճը Էօմեր Իւնալըր։

Տինքի դատավարութեան շրջագիծով կը դատուի 85 ամբաստանեալ, որոնցմէ 11-ը ձերբակալուած են եւ 10 փախստական։

8 Դեկտեմբեր 2017-ին կայացող վերջին դատական նիստին՝ ժանտարմաներ Պեքիր Եոքուշ, Էճեւիթ Էմիր, Էմրէ Ճինկէօզ, Հաճը Շերիֆ Շիմշեք եւ Շերեֆ Աթեշ ազատ արձակուած էին։