Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի նախաձեռնած հետախուզական ներթափանցման վերջին փորձը նպատակ ունի շեղելու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներէն:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Twitter իր էջին գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:
«Պաքուն կը փորձէ փոխարինել դիւանագիտութեան մէջ եւ միջազգային հարթակի վրայ իր ձախողումները, շեղել ուշադրութիւնը Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտումներէն` սահմանագիծին վրայ սադրանքներ կազմակերպելով: Պիտի չյաջողի»,- գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակը: