Կաշառակերութեան դէմ պայքարը պէտք է գերակայութիւն հանդիսանայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր շերտերուն մէջ. այդ ուղղութեամբ Հայաստանը նախատեսած է նոր գործիք: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ԵԽԽՎ ամպիոնէն նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
«Մենք ընդունած ենք քանի մը օրէնք, որոնցմով երկրին մէջ կը ստեղծուի կաշառակերութեան կանխարգիլման մարմին: Անիկա պիտի սկսի գործել այս տարի, իսկ այդ մարմնի անդամները պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ»,- ընդգծած է ՀՀ նախագահը:
Սերժ Սարգսեանը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է ազդարարման համակարգի եւ ազդարարներու պաշտպանութեան մասին օրէնքը, երկրին մէջ քրէականացուած է ապօրինի հարստացումը: ՀՀ նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի աշխատի կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: