Բանակի օրուան առթիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն, Պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ Յունուար 28-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Նշենք, որ բարձրագոյն ղեկավարութեան այցելութենէն անկախ, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան:
Մինչ այդ «Եռաբլուր»-ի մէջ նախագահ Սարգսեան Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն յանձնեց զոհուած հերոսներուն յետմահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:
«Այսօր մենք Եռաբլուրի մէջ ենք: Այս սրբազան տօնի օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել յիշատակին առջեւ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ընենք սերունդներուն` մշտապէս վառ պահել անոնց յիշատակը, Հայաստանի ժողովուրդի այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը: Յաւերժ փա՜ռք մեր հերոսներուն: Կեցցէ՜ն Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը»,-ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՀ նախագահը:
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած անվեհերութեան եւ խիզախութեան, կեանքին սպառնացող վտանգի պայմաններու մէջ ծառայողական պարտքը անձնազոհաբար կատարելու համար թիւ N զօրամասի ծառայութեան պետ, փոխգնդապետ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեանը յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով:
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելիս ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար դասակի հրամանատար, աւագ հարիւրապետ Սամուէլ Ժիրայրի Կարճիկեանը, պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր յիսնապետ Արմէն Արտաշէսի Սաքանեանը , պայմանագրային զինծառայող, շարքային Գարեգին Յակոբի Մինասեանը, շարքային Մհեր Արամայիսի Երզնկեանը, շարքային Հրանտ Խաչատուրի Մանգասարեանը յետմահու պարգեւատրուեցան Մարտական ծառայութեան մետալներով:
Հանրապետութեան Նախագահը նաեւ իր շնորհաւորական ուղերձը յղեց Բանակի օրուան առթիւ:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրած է խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ` hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար եւ անոնց շնորհած է բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:
Աւարտին յիշենք նաեւ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան Կիրակի՝ 28 Յունուար 2018-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած են Բանակի օրուան` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին նուիրուած «Յաղթանակներու դար» խորագիրով տօնական համերգին: