Շաբաթ՝ 27 Յունուար 2018-ին, Մոնթրէալ ՌԱԿ Էօժէն Փափազեան Ակումբի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի վարչական ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ. Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Գանատայի մօտ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Լեւոն Մարտիրոսեանին, Օթթաուա-ի Հ.Հ. Դեսպանատան մէջ.
Մօտ երկու ժամ տեւող ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս այցելութեան ընթացքին, Վսեմաշուք Դեսպանը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի մէջ այս օրերուն, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ տեղի ունեցող կոնկրէտ եւ դրական կարեւոր զարգացումներուն մասին:
Ապա, պրն. դեսպանը յատուկ կերպով մանրամասնեց եկող ամիսներուն ընթացքին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւոր նշումները: Յաջորդաբար, Հայաստանի Պետականութեան Հարիւրամեակը, Երեւանի 2800 ամեակը եւ մանաւանդ Համաշխարհային Ֆրանքօֆոն-ի համաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին եւ ուր անձնապէս ներկայ պիտի ըլլան աւելի քան յիսուն երկիրներու պետական գլուխները իրենց պաշտօնական շրջապատով:
Մասնաւորելով Գանատայի պարագան, պարոն դեսպանը տեղեկացուց թէ Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօն ներկայ ըլլալով այս համաժողովին, ընդունած է երկարաձգել իր այցելութիւնը, այս անգամ որպէս Գանատական Պետական Պաշտօնական այցելութիւն Հայաստանի Պետութեան:
Փոխադարձ խօսակցութեան ընթացքին ՌԱԿ եւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ տուին Մոնթրէալահայ գաղութին մէջ երկար տարիներէ ի վեր, կազմակերպութեան տարած անցեալի եւ ներկայի լայնածաւալ եւ արդիւնաշատ գործողութեանց մասին:
Ջերմ այս հանդիպման վերջաւորութեան պրն. դեսպանը իր գնահատանքը եւ յաջողութեան մաղթանքները յայտնեց այցելու պատուիրակութեան որուն պատասխանելով ՌԱԿ եւ Թէքէեանի ներկայացուցիչները փոխադարձ մաղթանքներով իրենց հաստատ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին կարելի բոլոր ձեւերով, ի պահանջել յարկին, օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի երիտասարդ եւ կորովի Դեսպանին գործունէութեանց:
Թղթակից