«Ուիքիմիտիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի` արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր (code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են: Այս մասին կը յայտնէ Լիլիթ Մուրատեան (Armradio)։
SIL International-ը, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է, Յունուար 30-ին, արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր` «hyw» տալու որոշում կայացուցած է:
Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը ժամանակակից հայերէնի երկու առանձին ճիւղեր են, որոնք զարգացած են տարբեր ուղղութիւններով եւ կառուցուածքով, գրական գործերով, որոնք միշտ չէ, որ հասկնալի են միւս կողմին համար: Հայաստանի անկախացումէն ետք արեւելահայերէնը, միջին հայերէնը եւ գրաբարը առանձին լեզուական ծածկագիրներ ստացած են, բայց` ոչ արեւմտահայերէնը:
2010-ին արեւմտահայերէնը ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ: Լեզուի անկումը կանխելու նպատակով սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ նախաձեռնուած են, որոնցմէ մէկը արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի զարգացումն է: Այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:
«Ուիքիմիտիա Հայաստան»-ը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը արեւմտահայերէնին համար առանձին լեզուական ծածկագիր ստանալու գործընթացը նախաձեռնած են երեք տարի առաջ, երբ արեւմտահայերէնով ազատ բովանդակութեան խթանման նպատակով համագործակցութեան սկսան:
Աւարտին, անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ 2018 տարին յատկացուցած ենք Արեւմտահայերէնին եւ կը շարունակենք մեր լեզուասէր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ դնել լեզուաբան Յակոբ Չոլաքեանի «Աւանդական Ուղղագրութիւն – կանոնագիր եւ խնդիրներ» անունով գիրքը, որ յաջորդաբար 4-ական էջ լոյս կը տեսնեն էջ 12 վրայ: