Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները համակարգող մարմինը` Ներկայացուցչական ժողովը, դատական դիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ:
Ըստ «Ակօս» թերթի տեղեկութիւններուն` Ներկայացուցչական ժողովը իրաւունքները վերականգնելու նպատակով դատարան դիմած է, երբ նախարարութիւնը չէ պատասխանած պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման համար ներկայացուած դիմումներուն:
2017 Մարտ 15-ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեանի տնօրինութեամբ կազմուած Ներկայացուցչական ժողովը, 2017 Օգոստոսին, Սթամպուլի նահանգապետարանին միջոցով ՆԳՆ ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման համար դիմում, որուն մէջ նշուած էր նաեւ ընտրութեան իրականացման ամսաթիւը: Ընտրութիւնները համակարգող մարմինը, այս միջնորդութեան համար պատասխան չստանալով, յիշեցման կարգով մէկ անգամ եւս դիմում ներկայացուցած էր, որ նոյնպէս անպատասխան մնացած էր:
Ըստ «Ակօս»-ի՝ Ներկայացուցչական ժողովի անդամներէն շատերը դէմ եղած են դատարան դիմելուն: Դատարան դիմում ներկայացնելու շուրջ քննարկումներէն ետք Ներկայացուցչական ժողովի անդամներէն Խոսրով Քէոլեդաւիթօղլուն, Վարուժան Պուլկան, պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի ներկայացուցիչներ տէր Կորիւն Ֆեներճեանը եւ տէր Տրդատ Ուզունեանը հրաժարական տուած են: