«Բոլորն ալ հայերէն սորված են այս արհեստը». թուրքիոյ մէջ երկաթագործութեան հայկական աւանդոյթներն ապրեցնող վերջին սերունդը

Թրքական guneydoguguncel.com կայքը անդրադարձած է Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքին հին արհեստներէն երկաթագործութեան աւանդոյթներու վերջին կրողներուն ու անոնց հռչակաւոր ուսուցիչներուն, որոնք բոլորն ալ, ինչպէս պարզուած է, հայ եղած են:
«Տիարպեքիր ապրող եւ այս տարածքին մէջ արհեստագործութեան հայրերը համարուող հայերու թիւը թէեւ այստեղ օրէ օր կը նուազի` անոնց աշակերտները, որոնք կը շարունակեն արհեստագործական հայկական աւանդոյթները, կը հանդիսանան երկաթագործութեան արհեստի վերջին ներկայացուցիչներն այստեղ», – tert.am-ի փոխանցմամբ, կը գրէ հեղինակը` շեշտելով, որ հայ վարպետներու քիւրտ աշակերտները նոյնպէս յոյս չունին, թէ արհեստը երկար կեանք կ’ունենայ այստեղ:

Ատոր հիմնական պատճառը կը համարեն Թուրքիոյ մէջ չդադրող աշխոյժ քաղաքաշինութեան գործընթացն ու կեանքի մեքենական ինքնագործութիւնը «automation»:

Տիարպեքիրի մէջ որպէս «երկաթագործներու շուկայ» յայտնի տարածքին մէջ աշխատող նշանաւոր երկաթագործ Թարըք Սեւիմն այսպէս կը պատմէ իր` այս արհեստը սորվելու պատմութիւնը:

«Ես այս արհեստը սորված եմ մեծ եղբօրմէս, եղբայրս ալ Խեչօ վարպետէն, ան հայ է եւ յատնի արուեստաւոր Պետրի Այսելիի քեռին: Խեչօ ուստան արտագաղթեց Եւրոպա, այնտեղ ալ մահացաւ, այս շուկային մէջ ով որ կայ` բոլորը հայերէն  սորված են այս արհեստը», – ըսած է Սեւիմը, որ համոզուած է, որ իրենցմէ յետոյ այս արհեստը շարունակողներ այլեւս չեն ըլլար, քանի որ ներկայիս երիտասարդները չեն հետաքրքրուիր այս ամէնով: