Ուրբաթ՝ 9 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ տեսաժողով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու եւ Ամերիկայի տարածաշրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Սիացեալ Նահանգներու տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Պաղտասարեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Ամերիկայի տարածաշրջանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռուբէն Ճամպազեան (ԱՄՆ), «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ), «Նոր Օր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Սեփեճեան (ԱՄՆ), «Հայկական համայնապատկեր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Օշին Քէշիշեան (ԱՄՆ), ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ, «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան (ԱՄՆ), «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), «Ապագայ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աւետիս Պագգալեան (Գանատա), «Թորոնթոհայ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Կարին Սաղտըճեան (Գանատա), «Արմենիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեան (Արժանթին):
Քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի գլխաւոր ուղղութիւնները, ներկայացուեցան առաջարկութիւններ համաժողովի կազմակերպումի ձեւաչափի եւ այլ հարցերու շուրջ: Տեսաժողովի մասնակիցները անդրադարձան օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներուն համաժողովի աշխատանքներուն ներգրաւելու հարցին:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նման ձեւաչափով իրականացուող աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց աշխոյժ մասնակցութեան եւ շահագրգիռ քննարկումին համար: Ան ներկայացուց Լրագրողներու համահայկական նախորդ համաժողովի արդիւնքները եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակներու օրերուն կազմակերպուող համաժողովը եւ այցելութիւնը սահմանապահ գիւղեր նոր ոգեւորութեամբ, նոր ստեղծագործական լիցքերով կը համակէ հայ լրագրողները: