Ախալքալաքցի մարզիկը գրաւած է առաջին տեղը՝ Պուլկարիոյ մէջ կայացած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտին

Օրերս Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ երիտասարդական առաջնութիւնը:

72 քկ քաշային կարգի մէջ, փայլուն հանդէս եկած է 22-ամեայ ախալքալաքցի Հայկ Մնացականեանը, որ մէկ տարի առաջ տեղափոխուած էր Պուլկարիա: Մարզական մեկնաբան Կարէն Գիլոյեանը միջնորդած, որ ան այնտեղ մարզուի: Հայկը ունեցած է 4 գօտեմարտ, ո՛չ մէկ միաւոր տուած է մրցակցիներուն եւ գրաւած է առաջին տեղը: Առաջնութեան ներկայ եղած է նաեւ Ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանը:

Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ Հայկ Մնացականեանի յաղթանակով ոգեւորուած՝ Ախալքալաքի քաղաքապետարան հաւաքուած են Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու եւ մարզասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներ, զրուցած մարմնամարզանքի բնագաւառին մէջ մեր շնորհաշատ մարզիկներու եւ այդ բնագաւառի յետագայ զարգացման մասին, ախոյեանին յղած շնորհաւորանքի ջերմ բարեմաղթանքներ: