Լիբանանի նախագահի այցելութիւնը Հայաստան

Չորեքշաբթի՝ 21 Փետրուար 2018-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան:

Առաջին անգամ Հայաստան այցելող նախագահ Աուն “Զուարթնոց” օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի փոխնախագահ Վարդան Մակարեանի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան միջին արեւելեան բաժինի պատասխանատու Սարմէն Պաղտասարեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:

Յիշենք, որ նախագահ Միշել Աուն Հայաստան ժամանեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով:

Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ գտնուած են երկրի ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուք, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Հուսէյն Հաջ Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով, որմէ ետք պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուած է Ս. Էջմիածին:

Էջմիածինի մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջունեց նախագահ Աունը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: «301 թուականին կառուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ կ՛ողջունենք ձեզ, կ՛աղօթենք ձեզի համար եւ կ՛օրհնենք Լիբանանը, անոր իշխանութիւններն ու լիբանանցի մեր եղբայր ժողովուրդը: Մենք վստահ ենք, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նոր առիթ մը` ամրապնդելու համար հայկական-լիբանանեան յարաբերութիւնները, որոնք եղբայրութեան, բարեկամութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հեզասահ յարաբերութիւններ են: Այդ յարաբերութիւններուն ընթացքը անշուշտ կը պարտինք լիբանանահայութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը կամրջէ: Մենք շնորհակալ ենք ու գոհունակութիւն կը յայտնենք լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ճողոպրած հայութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար: Կ՛աղօթենք, որ Լիբանան բարգաւաճի` պահպանելով իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին եւ արդիւնաւէտ դառնան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: «Երկկողմանի մեր յարաբերութիւններուն մէջ ցանուած հունտերը իրենց պտուղները տուած են: Մենք շատ բան գիտենք Հայաստանի մասին, յատկապէս անոր ընդգրկած քրիստոնէական պատմութեան մասին: Հայաստան առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցած է, հակառակ այդ ժամանակաշրջանին ինքզինք պարտադրած հռոմէական հալածանքներուն: Այդ մարտահրաւէրները ցոյց կու տան հայ ժողովուրդին քաջութիւնն ու անոր խոր եւ անխախտ համոզումները: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք հայկական ինքնութեամբ լիբանանցիներու հետ, որոնց մաս կազմող կարգ մը անձնաւորութիւններ մեզի կ՛ընկերակցին այսօր: Լիբանանահայերը կատարեալ ներդաշնակութեամբ համակրուած են լիբանանեան կեանքին ու կը բաժնեն լիբանանցիներուն ցաւերը եւ ուրախ պահերը: Հայերուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ նմանութիւնները մեծ են ու շատ», յայտնեց նախագահ Աուն:

Հանդիպումին աւարտին նախագահ Աուն եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս յուշանուէրներ փոխանակեցին:

Ապա նախագահ Աուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի եւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճար եւ այցելեց անոր թանգարանը, ուր վկայեց Նոյեան տապանի բեկորի մը, ինչպէս նաեւ կրօնական ու պատմական այլ հնութիւններու:

Նախագահ Աուն իր խոր տպաւորութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ եւ թանգարանին մէջ գտնուող մասունքներուն նկատմամբ` հաստատելով, որ անոնք կը դրսեւորեն իրենց հոգեւոր արմատներուն եւ հինէն եկող քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ հայութեան կառչածութիւնը:

Էջմիածինէն ետք նախագահ Աուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Գէորգ Վարդանեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ապա ան իր անունով մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառատնկումին եւ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ցեղասպանութեան թանգարանի յիշատակի մատեանին մէջ նախագահ Աուն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս թանգարանին մէջ վկայեցի սարսափելի նկարներ ու շօշափելի փաստեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնալի փուլին մասին, երբ անոնք վայրագ սպանդներու ենթարկուեցան: Սպանդներ, որոնց նմանը դարերու ընթացքին քիչ պատահած է: Այս փաստերը կը մղեն, որ հաստատեմ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իմաստով արդարութիւնը պէտք է պարտադրուի, որպէսզի յիշողութիւնը բիւրեղանայ եւ անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւնը կարելի ըլլայ վերահաստատել:

Կ՛ողջունեմ փառաւոր հայ ժողովուրդը, որ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ անիրաւութեան, կրցաւ հիմնել հպարտալի երկիր մը եւ կառչած մնալով հինէն եկող իր քաղաքակրթութեան կ՛ուղղուի կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը»:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, նախագահ Աուն «Ռատիսըն Պլու» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերու հետ` կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան այցելելու Լիբանան եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներուն հանդիպումը

 

Հինգշաբթի՝ 22 Փետրուար 2018-ին, Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներուն հանդիպումը նեղ կազմով:

«Յարգելի՛ պարոն նախագահ, ես մեծ ջերմութեամբ եւ սիրով կ՛ողջունեմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է հիւրընկալել բարեկամ Լիբանանի նախագահը Հայաստանի մէջ, եւ մենք խորապէս շահագրգռուած ենք Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու բոլոր ոլորտներու մէջ:

«Ես մեծ ջերմութեամբ կը յիշեն իմ այցը Լիբանան դեռ 2012-ին, որ լաւ խթան հանդիսացաւ մեր յարաբերութիւններու զարգացման գործին: Վստահ եմ, որ Ձեր այցը նոր էջ պիտի բանայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Մեր միջպետական յարաբերութիւնները ընդամէնը 25 տարուան պատմութիւն ունին, բայց մեր ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու վրայ կ՛երկարի : Ի հարկէ, մեր երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ շատ մեծ դերակատարութիւն ունի հայ համայնքը: Մենք խորապէս շնորհակալ ենք Լիբանանի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն մեր հայրենակիցներու նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքի համար: Անոնք ժամանակի ընթացքին դարձան Լիբանանի լիարժէք քաղաքացիներ` պահելով իրենց ազգային ինքնութիւնը: Եւ, ի հարկէ, մենք շնորհակալ ենք Լիբանանի իշխանութիւններուն, որոնց շարքին` խորհրդարանին, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու համար: Սա շատ կարեւոր ներդրում է:

«Պարո՛ն նախագահ, բարով եկած էք: Ես շատ ուրախ եմ ողջունելու Ձեզ Երեւանի մէջ»,-ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրի համար եւ իրեն համար մեծ պատիւ համարած Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելելը:

«2012-ին Լիբանան Ձեր այցի ժամանակ Ձեր պատուին կազմակերպուած ճաշի ընթացքին ես ալ մասնակցած եմ, եւ այդ ժամանակ մենք կարճատեւ զրոյց մը ունեցանք: Ես շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

«Այո՛, Ձե՛րդ Գերազանցութիւն, պէտք է ըսեմ, որ հայ համայնքը մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի զարգացման, ծաղկման գործին։ Անոնք բաւական լուրջ կ՛աշխատին իրենց գործունէութեամբ բոլոր բնագաւառներու, պատասխանատու օղակներու մէջ: Մենք  շատ կը յենուինք անոնց վրայ բոլոր բնագաւառներու մէջ: Մենք լայն հասարակութիւն ենք, եւ հայ համայնքը կրցած է իր մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանել Լիբանանի մէջ: Ի հարկէ, շատ կարեւոր կը նկատեմ եւ հպարտ ենք այդ բազմակարծութեամբ ու մշակութային բազմազանութեամբ, որովհետեւ մենք կրցանք ատկէ բաւական օգտուիլ եւ զարգացնել Լիբանանը:

«Այցս նպատակ ունի աւելի ամրապնդելու Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները: Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի ընդլայնուին եւ խորանան: Բազմաթիւ բնագաւառներ կան, որոնց ուղղութեամբ կրնանք աշխատիլ, եւ ատիկա կ՛ըլլայ ի բարօրութիւն մեր երկու երկրներուն»,- Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակն ըսած է նախագահ Միշել Աուն: