Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ Հայաստանի վսեմաշուք դեսպան Պր. Ֆատէյ Չարշօղլեանի միջեւ յառաջացած թիւրիմացութիւնները հարթուած են, եւ յարաբերութիւնները վերադարձած են բնականոն վիճակի:
Յիշեցման կարգով կ’ուզենք յայտնել որ վերոյիշեալ անբաղձալի կացութիւնը ստեղծուած էր ՌԱԿի 96ամեակի տօնակատարութեան առիթով, ուր հրաւիրուած էր յոյն քաղաքական դէմք մը, վերապահութիւն առթող անցեալով մը: Անսալով յարգոյ մեր դեսպանին զգուշացման՝ վարչութիւնս զանց առած էր խնդրոյ առարկայ անձին մասնակցութիւնը ծրագրէն: Սակայն, շարունակուող փոխանակումները դուրս ելան իրենց հունէն, պատճառ դառնալով անպատշաճ փոխադարձ մեկնաբանութեանց:
Դժբախտաբար ընկերային ցանցերը (առցանց մամուլը) որ յետամուտ են զգայացունց լուրերու՝ աւելի լայն ծաւալ տուին վէճին, անտեղի վիրաւորանքներ հասցնելով վսեմաշուք դեսպանին: Ցաւալի զարգացում մը՝ որ մեր պատասխանատուութեան հակակշռէն դուրս կը մնար:
Կուսակցութիւնս անվերապահ նուիրում ունի մայր հարենիքին եւ անսակարկ յարգանք անոր պաշտօնական ներկայացուցիչներուն:
Ուրախ ենք որ մեր գերագոյն ղեկավարութեան միջամտութեամբ վերացած են բոլոր թիւրիմացութիւնները յարգոյ դեսպանին՝ Պր. Ֆատէյ Չարշօղլեանին հետ, Սարգսեան-Չարշօղլեան ընտանիքներու վաղեմի բարեկամութեան լոյսին տակ:
Պր. Չարշօղլեանին կողմէ մեզի տրուած բացատրութեանց լոյսին տակ կ’անդրադառնանք որ անտեղի կը դառնան մեր կողմէ արտայայտուած անձնական վիրաւորանքները՝ հարկադրելով մեզ յայտնելու մեր ցաւը այդ ուղղութեամբ:
Հայոց պետականութեան վերահաստատման հարիւրամեակի փառաւոր հեռանկարին դիմաց կ’ուզենք մեր անմնացորդ գործակցութիւնը ընծայել մեր յարգոյ դեսպանին, ի խնդիր մեր հայրենիքի բարօրութեան ու փառքին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Աթէնք, Փետրուար 18, 2018