Ռուսիոյ մէջ Արամ Խաչատրեանի մասին ֆիլմ կը նկարահանուի

Ռուսական Եարոսլաւլ քաղաքին մէջ մեկնարկած են «Սուսերով պարը» գեղարուեստական ֆիլմի նկարահանումները, որ պիտի ըլլայ առաջին երկար շարժանկարը խորհրդային շրջանի մեծագոյն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի մասին:

«Ֆիլմի նկարահանումներու առաջին շրջանը կ՝անցնի Եարոսլաւլի մէջ, ուր կը նկարահանուին Արամ Խաչատրեանի հանդիպումները խորհրդային շրջանի յայտնի ջութակահար Դաւիթ Օյսդրախի եւ յայտնի երաժշտահան Տմիթրի Շոսդաքովիչի հետ»,- ըսած է շարժանկարի արտադրող Տիգրան Մանասեանը։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի՝ կը յայտնէ rusarminfo-ն:

Եարոսլաւլէն ետք, 2018-ի Ապրիլին, նկարահանող խումբը պիտի մեկնի Հայաստան` նկարահանումները շարունակելու Երեւանի, Դիլիջանի եւ Խոր Վիրապի մէջ:

Ֆիլմին գործողութիւնները կը վերաբերին յատկապէս 1942-ին, երբ Գիրովի անուան (Մարիինեան) թատրոնը տարհանուեցաւ Ուրալ, ուր Արամ Խաչատրեանը աւարտին հասցուց «Գայիանէ» պալէն: Գործողութիւնները կը ծաւալին նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր 1939-ին երաժշտահանը գրած է «Երջանկութիւն» պալէն:

«Սուրերով պար»-ի բեմադրիչն է խորհրդային շրջանէն յայտնի Եուսուբ Ռազիքովը: Շարժանկարի արտադրողն է Ռուբէն Տիշտիշեանի «Մարս Մետիա» ռուսաստանեան ընկերութիւնը, իսկ հայկական կողմէն արտադրողն է Կարէն Ղազարեանը:

Կը ծրագրուի, որ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած առաջին գեղարուեստական ֆիլմը մեծ պաստառ բարձրանայ 2018-ի վերջը կամ 2019-ի սկիզբը: Ֆիլմի ստեղծման նիւթապէս կ՝աջակցին ՀՀ ու ՌԴ մշակոյթի նախարարութիւնները:

Խաչատրեանը 20-րդ դարու ամենաճանչցուած հայ երաժշտահանն էր, ինչպէս նաեւ հայկական առաջին պալէի, սիմֆոնիայի, քոնսերթի եւ ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակը: Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան աւանդոյթներուն` ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ օգտագործած է հայկական եւ կովկասեան, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդի ազգային երաժշտութիւնը: