Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը դարձած է հիմնադրամ

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այլեւս ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կազմին մէջ չէ: Ան ներառուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմին մէջ: ԻՆչպէս կը տեղեկացնէ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լրատուական ծառայութիւնը,  հիմնարկը վերափոխուած է եւ դարձած հիմնադրամ:

Այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն է Գէորգ Վարդանեանը: Լրատուական ծառայութիւնը կը փոխանցէ, որ մինչեւ թանգարանի տնօրէնի ընտրութիւնը դեռ պէտք է ձեւաւորուի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդ, որ պիտի ընտրէ տնօրէնը: