Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան 2018 թուականի առաջին եռամսեակին կը յատկացնէ 16 միլիոն 790 հազար դրամ` Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ 2017-ի 4-րդ եռամսեակին ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրերու տրամադրման դիմաց չգանձուած պետական տուրքը փոխհատուցելու նպատակով:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մարտ 6-ի նիստի օրակարգին վրայ:
Ըստ հիմնաւորման, 2017-ի 4-րդ եռամսեակի ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 282 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ի դէպ, այդ անձնագիրերը տրամադրուած են Դամասկոսի (88 գործ), Հալէպի (192 գործ), Պէյրութի (2 գործ) մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ստացած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:
Այսպիսով` ՀՀ կառավարութիւնը ամէն կերպով կը փորձէ աջակցիլ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց բնակած երկիրներուն մէջ ստեղծուած են այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան։