Մեծայարգ Արմէն Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան,
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,
Ճշմարիտ գոհունակութեամբ կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան քուէներով նախագահ ընտրուելու առիթով:
Դուք այն բացառիկ անհատականութիւններէն էք, որոնք իրենց գիտական ու քաղաքական պատրաստութեամբ եւ ծառայելու անսահման կամքով արժանացած էք համընդհանուր համակրանքի եւ յարգանքի, Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս:
Նախընտրական շրջանի Ձեր հանդիպումներն ու զրոյցները եկան քաղաքական նոր մշակոյթ ներմուծել մեր հայրենիքի հասարակական կեանքէն ներս: Հանրութիւնը յանգեցաւ այն համոզման, որ ժողովուրդի հետ զրոյցի նստող առաջնորդով մը պիտի օժտուի մեր երկիրը:
Ձեր հանդիպումներուն ընթացքին մեզի եւս բախտը ընծայուեցաւ ունկնդրութիւն մը ունենալու մեր հետ՝ մօտէն իրազեկուելու Ձեր քաղաքական հայեացքներուն և պատկերացումներուն մասին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հայրենական թէ սփիւռքեան կառոյցներով այդ օր Ձեր մէջ ողջունեց խոհեմ ու հեռատես առաջնորդն ու քաղաքական գործիչը:
Մեր աշխարհասփիւռ կազմերը պատրաստ են Ձեզի ընծայելու իրենց զօրակցութիւնը, իրենց քաղաքական կառոյցներով եւ տարածուն մամուլով, վկայելու անպայման Ձեր առաքելութեան յաջողութիւնը:
Դուք լայնօրէն ծանօթ էք քաղաքական աշխարհին, ինչպէս այդ աշխարհը ծանօթ է Ձեր անձին եւ արժանիքներուն:
Ձեր յաջողութիւնը՝ յաջողութիւնն է մեր նուիրական հայրենիքին ու պետութեան:
Պայծառ օրերու ակնկալութեամբ, կը մնանք, յարգանօք`
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ատենապետ Վարդան Նազիրեան