Հայաստան յայտնուած է ծերացող հասարակութիւններու վերին շեմը

Գործող ընկերային ծառայութիւններու ներկայ համակարգը չի բաւարարեր տարեցներու ընկերային, հոգեբանական, իրաւական, առողջապահական, բնակարանային ապահովութեան կարիքներու ամբողջական ծաւալը,- ըստ «Փանորամա»-ի՝ Մարտի 7-ին,  ծերաբուժութեան խնդիրներուն նուիրուած համաժողովին ժամանակ՝ յայտարարած է Տարեցներու առողջութեան եւ խնամքի ապահովման  հիմնադիր Արթուր Թորոսեան:

Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ խնամքի կարիք ունեցող տարեցներուն մատուցուող ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւններուն որակը եւ մատչելիութիւնը:

«Ընդհանրապէս կը բացակային ծերաբուժական եւ բուժքոյրական նեղ մասնագիտական ծառայութիւնները: Տարեցները սեփական իրաւունքներու եւ գործող ծառայութիւններու վերաբերեալ ունին իրազեկուածութեան ցած մակարդակ: Միջին եւ ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը, 65-էն բարձր տարիք ունեցող մարդոց համար ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած խնդիրները 2-3 անգամ աւելի են»,- նշած է ան` աւելցնելով, որ մօտեցումները փոխելու խնդիր կայ:

«Մեր գերակայ նպատակը այս ոլորտին մէջ մասնագէտներու բացը լրացնելն է, հանրապետութիւնով ներդնելով ծերաբուժութեան ծառայութիւններու համակարգ, բարելաւել տարեցներու խնամքի որակը, պատրաստել խնամքի մասնագէտներ»,- շեշտած է Թորոսեան:

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի տուեալներով` Հայաստան յայտնուած է ծերացող հասարակութիւններու վերին շեմը: Հիմնադրամի կանխատեսումները կը վկայեն, որ Հայաստան շուտով պիտի հատէ այդ շեմը` 2050 թուականին 65-էն բարձր տարիք ունեցողները պիտի կազմեն բնակչութեան 22-23 տոկոսը:

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագրի համակարգող Աննա Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը, սոցիալական հարցերու նախարարութիւնը, ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամը այժմ կը ձեռնարկեն բազմաթիւ քայլեր, տարբեր ռազմավարական ծրագիրներ կը մշակեն` ՀՀ ժողովրդագրական քաղաքականութեան ազգային ծրագիրը վերամշակելու հետ կապուած:

Լրագրողներու այն հարցումին, թէ մենք պիտի կարենա՞նք 2040 թուականին ունենալ 4 միլիոն բնակչութիւն, ինչպէս ըսած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Աննա Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Մենք կ՛օգտագործենք այդ 4 միլիոնը որպէս յստակ ուղենիշ, ունինք նպատակ եւ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ հասնինք ատոր»: