Ֆրանսայի Պուք-Պել-Էր քաղաքի քաղաքապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան ղեկավար պաշտօնեաներուն հետ:
Երկուշաբթի՝ 5 Մարտ 2018-ին, քաղաքապետ Ռիշար Մայէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող զանազան հարցեր:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշեց, որ Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ միաւորներու հետ փոխգործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ:
Պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մայիս Մայիլեանի հետ: