Պոլսահայ սիւնակագիր Օհաննէս Քըլըչտաղըն Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին Արամ Աթէշեանի վերանշանակումէն ետք պոլսահայ համայնքին մէջ շարունակուող ճգնաժամին:
Քըլըչտաղը կը նկատէ, որ Աթէշեան վերանշանակումէն ետք «վրէժ» կը լուծէ բոլոր անոնցմէ, որոնք իրեն դէմ եղած են եւ համարձակած քննադատելու:
«Ան կը պատժէ անոնց, որոնք քաջութիւն ու պատիւ դրսեւորած են՝ ընդդիմանալով իրեն: Ան այդպէս կ’ընէ, որպէսզի միւսներուն ալ դաս ըլլայ», – «Թերթ»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ սիւնակագիրը` յիշատակելով Պոլսոյ Գեդիկփաշայ թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Զաւէնը տեղի համայնքէն հեռացնելու ու եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Շանլըին հրաժարական տալ պարտադրելու նախադէպը:
«Կը կարծեմ` մեծ արագութեամբ կը մօտենանք պատմութեան մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին յատկացուած ժամանակահատուածի աւարտին:
«Եւ այս պատմութեան ամենաբացասական դերակատարներէն մէկը, անխօս, Աթէշեանն է: Այսօր Աթէշեան իր շուրջ կը հաւաքէ Էրկենեքոնի խումբէն (Թուրքիոյ մէջ գործող գաղտնի ծայրայեղ ազգայնականներու կազմակերպութիւն-Tert.am) շարք մը «մութ» անձիք, պատրիարքարանը լեցուցած է զինուած մարդոցմով եւ արագ կը սլանայ պատրիարքարանը խաղալիքի վերածելու ճանապարհով: Սա ալ կը նշանակէ պատրիարքարանի վերջը: Ոչ միայն այս ճանապարհով անոր հետ միասին քալողները են անոր յանցակիցը, այլեւ զայն որպէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ ընդունող ու նոյնիսկ բարեւ տուողները: Անոնց բոլորին անունները պատմութեան էջերուն մէջ պիտի գրուի: Եթէ մենք ալ մոռնանք` մեր սերունդները պիտի յիշեն», – գրած է Քըլըչդաղը:
Պոլսահայ սիւնակագիրը Աթէշեանի դէմ պայքարելու կոչ կը յղէ հոգեւորականութեան` շեշտելով, որ Աթէշեանի վարքը առաջին հերթին կ՛արատաւորէ հոգեւորականի կերպարն ու անոր նկատմամբ յարգանքը:
«Աթէշեան ոչ միայն իր հեղինակութիւնն ու պատիւը կը կործանէ (անոր հեղինակութենէն ու պատիւէն այլեւս ոչինչ մնացած է), այլեւ ընդհանուր առմամբ կ’արատաւորէ հոգեւորականի կերպարը: Ես չեմ կարծեր, որ մեր բոլոր հոգեւորականները արժանի են այն բարկութեան, որ ունինք Աթէշեանի հանդէպ»,- գրած է ան: