Պոլսոյ մէջ ցուցահանդէս եւ խոհրդաժողով` Անիի ճարտարապետական կոթողներու թեմայով

Պոլսոյ մէջ Մարտ 13-14-ին ձեռնարկներ կազմակերպուած են` Անիի ճարտարապետական ժառանգութեան վերաբերեալ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Աղբիւրին համաձայն, Երեքշաբթի` Մարտ 13-ին, Պոլսոյ «Տեփօ» անուամբ մշակութային կեդրոնին մէջ բացուած է ցուցահանդէս` «Քարերու բանաստեղծութիւնը` Անին. ճարտարապետական գանձարան մշակոյթներու խաչմերուկին» խորագիրով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 2016-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի մէջ առնուած լուսանկարներ եւ տեսագրութիւններ: Սոյն ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ 29:

Ցուցադրուած են Արա Կիւլերի, Մարտին Մանուկեանի, Մուրատ Կերմենի եւ Վետաթ Աքչագեօզի հեղինակած լուսանկարները:

Իսկ Մարտ 14-ին, Պոլսոյ Ջեզայիր սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ խորհրդաժողով` «Անի. համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութիւն Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով, որուն մասնակցիներն են Նորվեկիոյ Մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն Քարսթեն Փալուտան-Միւլլերը, նոյն հիմնարկի փոխնախագահ Արմէն Ղազարեանը, վերականգնող ճարտարապետ Եաւուզ Օզքայան եւ լուսանկարիչ Վետաթ Աքչագեօզը, որոնք զեկուցումներ կը ներկայացնեն` Անիի մշակութային պատմութեան թեմայով: