Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը (ՀԿՍ) կը սկսի սուրիահայ երիտասարդներու աջակցութեան նոր ծրագիր:
Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ անոնց հայաստանեան կեանքին մէջ ընդելուզուելու հարցով` տրամադրելով կարողութիւններու զարգացում, ֆինանսական աջակցութիւն, հոգեւոր եւ հոգեբանական աջակցութիւն:
Ծրագիրով հետաքրքրուած սուրիահայ երիտասարդներուն եւ կազմակերպութիւններուն կը խնդրենք դիմել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամին (ՀԿՍ):
Ելեկտրոնային հասցէ` info@roundtable-act.am.
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը (ՀԿՍ) միջեկեղեցական կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1996-ին: Կլոր սեղան հիմնադրամը եկեղեցիներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ սերտ համագործակցութեամբ աշխուժօրէն կը նպաստէ աղքատութեան վերացման, կայուն համայնքներու զարգացման, եկեղեցւոյ` հասարակական աշխատանքներու մէջ աշխոյժ ներգրաւուածութեան, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: ՀԿՍ-ն իր գործունէութիւնը կը կեդրոնացնէ հիմնականին մէջ հետեւեալ ուղղութիւններով` համապարփակ համայնքային զարգացում եւ սարկաւագութիւն, կարողութիւններու զարգացում, տարածաշրջանային խաղաղութիւն եւ հաշտեցում, արտակարգ իրավիճակներ: