Մարիամ Պետրոսեանի վէպը` 21-րդ դարու 10 ամենաընթերցուող գրքերու շարքին

Գրող եւ նկարիչ Մարիամ Պետրոսեանի երեւակայան «Տունը, ուր…» («The Gray House») ռուսալեզու վէպը ընդգրկուած է 21-րդ դարու 10 ամենաընթերցուող գիրքերուշարքին:

Մարիամ Պետրոսեանէն բացի ցանկին մէջ ընդգրկուած են Ճորճ Մարթինի «Սառոյցի եւ կրակի երգը» վիպաշարը, Սթիվըն Քինկի «11/22/63»-ը, Կրեկորի Տէյվիտ Ռապըրտսի «Շանթարամը», Քորմաք Մաքքարթիի «Ճանապարհը» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

«Մարիամ Պետրոսեան գիրքը սկսած է գրելու դեռ մանկութեան տարիներուն, աստիճանաբար ստեղծելով գլխաւոր հերոսները նկարներու եւ տառերու օգնութեամբ: Ձեռագրի վերջնական տարբերակը պատրաստ էր 1998-ին, իսկ անիկա հրապարակուեցաւ միայն 10 տարի անց: Գիրքը կը նկարագրէ հաշմանդամ երեխաներու կեանքը յատուկ գիշերօթիկ դպրոցի մէջ, որ կը կոչուի` Տուն: Տունը ուղղակի գիշերօթիկ չէ, անիկա առանձին մոլորակ մըն է՝ լի իր գաղտնիքներով ու հանելուկներով»,- կը գրէ Մարիամ Պետրոսեանի վէպի մասին ռուսաստանեան Fraufluger հանդէսը:

Ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկը կազմուած է ըստ վաճառքի ծաւալներու մասին տուեալներու եւ գրական պարգեւներու:

Մարիամ Պետրոսեան ծնած է Երեւան, աւարտած է Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը` «Նկարիչ-ձեւաւորող» մասնագիտութեամբ: 1989-ին աշխատանքի ընդունուած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ: Երկու տարի աշխատած է Մոսկուայի մէջ: Վերադարձած է Հայաստան, 1995-2007 թուականներուն աշխատած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ:

«Տունը, ուր…»-ը գրողին առաջին գիրքն է, որուն վրայ աշխատած է շուրջ տասնութ տարի` 1991-էն մինչեւ գիրքի հրատարակումը` 2009 թուականը: