Ստեփանակերտի օդանաւակայանին մէջ պիտի կազմակերպուի երկրորդ օդային փառատօնը

Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ «Եէլլ Էքսթրիմ փարկ» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ամրան կը կազմակերպուի օդային երկրորդ փառատօնը:

Այս մասին՝ ըստ  «Արցախփրես»-ի՝  կը տեղեկացնէ է տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Մերի Ղազարեան:

Անոր խօսքով` Մարտ 23-ին տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ «Եէլլ էքսթրիմ փարք» նախագծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանի հետ փառատօնի կազմակերպման հետ կապուած աշխատանքային քննարկում ունեցած է: Մասնաւորապէս քննարկուած են փառատօնի ծրագիրը ու ձեռնարկներու ցանկը, նախանշուած է ատոր հետ կապուած կատարուելիք այլ աշխատանքներ: Սակայն փառատօնի կայացման օրուան մասին` այս պահուն դեռ վերջնական որոշում չկայ, այդ մասին հասարակութեան պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ: