Սպանական ընկերութիւնը պիտի վերակառուցէ Երեւանի մեթրոն

Սպանական «Ակազոս» ընկերութիւնը պիտի իրականացնէ Երեւանի մեթրոյի վերականգնման ծրագիրին երկրորդ փուլով նախատեսուած շինարարական աշխատանքները: Այս որոշումը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան Մարտ 29-ի նիստի օրակարգին մէջ, կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Սոյն որոշումով կը նախատեսուի իրականացնել ջրահեռացման փակուղիի վերակառուցում եւ ընդլայնում, ինչպէս նաեւ մեթրոյի վազորդային փակուղիներու վերականգում: Կայարաններն ու ծառայողական շինութիւնները  պիտի բարելաւուին, մեթրոյի վակոնները պիտի վերանորոգուին եւ արդիականացուին, ինչպէս նաեւ հակահրդեհային սարքաւորումներ պիտի տեղադրուին:

Մեթրոյի վերականգնման ծրագիրի երկրորդ փուլի աշխատանքներուն իրականացման համար, Վերակառուցման եւ Զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ), 2012-ին իր կնքած պայմանագիրին համաձայն, պիտի տրամադրէ մինչեւ 5 միլիոն եուրոյի վարկ. նոյնքան վարկ պիտի տրամադրէ նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատունը (ԵՆԴ): Հայաստանի կառավարութիւնը եւս 5 միլիոն եուրոյի դրամաշնորհ պիտի ստանայ Եւրոմիութենէն: