«Արտաւազդ» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի նուիրուած էր ՀՀ ժողովրդական արտիստ Ալեքսանդր Գրիգորեանի յիշատակին: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Թատրոնի միջազգային օրը՝ Մարտի 27-ին՝ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, կը հաղորդէ “Արմռատիօ”ն:
«Թատրոնի բեմը այն վայրն է, ուր կը ծնին գաղափարներ, մտքեր, որոնք հանրութեանն կ՛առաջնորդեն երազի երկիրը, հայրենիքը: Թատրոնի բեմն այն վայրն է, ուր ծնած գաղափարները կ՛ազնուացնեն, կը ջերմացնեն մեզ»,- նշած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեանի խօսքով՝ այսօրուան թատրոնը ունի տաղանդաւոր ստեղծագործողներ եւ հանգիստ կարելի է ըսել, որ թատրոնի վաղուան օրը առաւել քան տեսանելի է:
«Լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգի մրցանակին արժանացաւ Տաթեւ Ղազարեանը «Սովորական օր» ներկայացման համար:
«Լաւագոյն դերասան» անուանակարգի մրցանակը յանձնուեցաւ երկու ստեղծագործողի՝ Աւօ Խալաթեանին՝ «Ռեւիզօր» ներկայացման համար, եւ Միքայէլ Վաթինեանին՝ «Ո՞վ է վախենում Վերջինիա Վուլֆից» բեմադրութեան մէջ մարմնաւորած կերպարի համար:
«Լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհի» ճանչցուեցաւ Ջեմմա Աղամեանը՝ «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացման համար:
«Լաւագոյն երիտասարդ դերասան» անուանակարգի «Ատրավազդ»ին արժանացաւ Նարեկ Բաղդասարեանը՝ «Համլէտ Machine» բեմադրութեան մէջ մարմնաւորած դերի համար:
«Լաւագոյն երիտասարդ բեմադրիչ» համարուեցան Նորա Գրիգորեանը՝ «9 ամիս» եւ Սարգիս Արզումանեանը՝ «Անասնաֆերմա» ներկայացման համար:
«Լաւագոյն սցենոգրաֆիա»ի մրցանակը ստացաւ Մարիամ Մուրադեան:
«Լաւագոյն մանկական ներկայացում» համարուեցաւ Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի մէջ բեմադրուած՝ Ա. Միրիջանեանի «Փոքրիկ ուրուականը»:
«Լաւագոյն երիտասարդական ներկայացում» անուանակարգի մէջ յաղթող ճանաչցուեցաւ Լուսինէ Երնջակեանի «Ռոմէօ եւ Ջուլիետ» նորարարական մօտեցումներով բեմադրուած ներկայացումը:
«Լաւագոյն պիես» համարուեցաւ Կարինէ Խոդիկեանի «Երկու օր դրախտում» ստեղծագործութիւնը:
«Երկրորդ պլանի լաւագոյն դերասանուհի» համարուեցաւ Քնարիկ Զաքարեանը:
«Երկրորդ պլանի լաւագոյն դերասան» ճանչցուեցաւ Վահագն Գալստեանը:
Թատերարուեստին արժանապատիւ ծառայութեան համար «Արտաւազդ»ի արժանացան Երուանդ Ղազանչեանը, Ռաֆայէլ Քոթանջեանը, Արթուր Ութմազեանը, Արմէն Սանթրոսեանը: