Երկուշաբթի՝ 2 Ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան մասնակցած է Արցախեան քառօրեայի ընթացքին զոհուած նահատակներու ոգեկոչման արարողութեան:
Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Արմէնբրէս»ը նշելով, որ մոմավառութիւնը տեղի ունեցած է Նոր Նորք շրջանի «Թաթուլ Կրպէյեան»ի անուան այգիին մէջ:
Տեղին է յիշել, որ սոյն տարուայ 2 Ապրիլին՝ իր լրումին կը հասնի Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական քառօրեային երկրորդ տարելիցը, որուն ընթացքին հարիւրէ աւելի հայ զինծառայողներ նահատակուեցան:
Հերոսական պայմաններու մէջ իրենց արիւնը հայրենի հողին տուած հերոսներու ջանքերուն եւ վեհ արարքներուն շնորհիւ հակառակորդ Ատրպէյճանի բանակը ստիպուած եղաւ հաշուի նստիլ հայկական կողմին հետ եւ Մոսկուայի թելադրանքը կատարել վերհաստատելով 1994 թուականին կնքուած հրադադարը: