«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները կը յայտնեն, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան յաջորդ գործադիր տնօրէն պիտի ըլլայ գանատահայ Յարութ Շիթիլեանը: Պաշտօնավարման շրջանը ան պիտի սկսի Յուլիս 1-էն` փոխարինելով Արման Ջիլաւեանը, որ կը զբաղեցնէ այդ պաշտօնը այս բացառիկ նախաձեռնութեան սկզբնաւորման օրէն ի վեր:
««Աւրորա»-ն ծնունդ առած է Հայաստանի մէջ, բայց այժմ վերածուած է համաշխարհային նախագիծի: Մեկնարկէն ի վեր մարդասիրական այս նախաձեռնութեան դռները բաց եղած են բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ունին համաշխարհային մտածողութիւն: Հաւատարիմ այդ ոգիին` մենք կ՛ողջունենք նաեւ Յարութ Շիթիլեանը իր նոր պաշտօնին համար: Ան կու գայ միանալու գործին այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ «Աւրորա»-ն կրկին կ՛աճի` իրականացնելով շարք մը կրթական եւ զարգացման ծրագիրներ` մէկտեղելով զայն իր հիմնական` մարդասիրական ուղղութեան հետ», – ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, որ իր կնոջ` Վերոնիքա Զոնապենտի հետ միասին Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կ՛իրականացնէ բարեգործական, կրթական եւ զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ:
«Ողջունելով «Աւրորա»-ի յաջորդ գործադիր տնօրէնը` արժէ յիշել եւ յիշեցնել, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը պարզապէս հերթական ներկայութիւն մը չէ հայկական աշխարհի կամ մարդասիրական ոլորտի մէջ, այլ ան նոր բնոյթի ձեռնարկ է, հասարակական կազմակերպութիւն` ստեղծուած նոր ոգիով եւ նոր տեսլականով: «Աւրորա»-ն հիմնադրուած է երեք տարի առաջ` դառնալով մեր ամենահաւակնոտ նպատակներու արտայայտութիւնը, քանի որ մենք կը ցանկայինք ոչ միայն երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք մէկ դար առաջ փրկութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին, այլեւ ընել ատիկա` աջակցելով անոնց, որոնք այսօր իրենց կեանքը կը նուիրեն վտանգի մէջ յայտնուած մարդոց փրկութեան համար», – մեկնաբանած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան ըսած է. ««Աւրորա» նախաձեռնութիւնը մեզմէ կը պահանջէ կարենալ գործել առաւելագոյն ազդեցութեամբ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ արձագանգել մերօրեայ հրատապ հիմնախնդիրներու մէկ մասին: Արմատաւորուած ըլլալով ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութեան մէջ` «Աւրորա»-ն կը մարմնաւորէ բազմաթիւ տասնամեակներ առաջ մեզի օգնութեան ձեռք մեկնածներուն յիշելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու գաղափարը»:
37-ամեայ Յարութ Շիթիլեան, որ եղած է Մոնթրէալի քաղաքապետարանի գործադիր կոմիտէի փոխնախագահը եւ Քաղաքային խորհուրդի նախագահը, մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է. ««Աւրորա»-ն ինծի համար անչափ գրաւիչ է` իր համակարգուած ծրագրաւորմամբ եւ ստեղծագործ բնոյթով: Կառավարման ոլորտի մէջ աշխատելու ատեն գրեթէ բոլոր քայլերու մէջ ես կիրառած եմ այդ նոյն մօտեցումը: Ես տպաւորուած եմ նաեւ այսքան կարճ ժամանակահատուածի մէջ «Աւրորա»-ի ունեցած նուաճումներով»,– ըսած է Շիթիլեան: «Այնքան ոգեւորուած եմ եւ այս առիթը կը համարեմ ե՛ւ ինծի, ե՛ւ համահիմնադիրներուն համար հրաշալի հնարաւորութիւն` միասնաբար լծուելու գործի եւ «Աւրորա»-ի առաքելութիւնը հասցնելու յաջորդ մակարդակին` դարձնելով զայն կայուն ու յաջողակ եւ որպէս առաջնահերթութիւն պահելով երախտագիտութեան արտայայտման եւ օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց աղէտալի դրութեան արձագանգելը»:
Շիթիլեան կը տիրապետէ հինգ լեզուի` հայերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, արաբերէնի եւ սպաներէնի: Գանատայի մէջ ձեռք բերած աշխատանքային փորձէն բացի՝ ան աշխատած է նաեւ Լատինական Ամերիկայի, Չինաստանի, Սքանտինաւիայի, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
««Աւրորա»-ն ղեկավարելը միաժամանակ ե՛ւ պատիւ է, ե՛ւ հսկայական պատասխանատուութիւն»,– ըսած է Արման Ջիլաւեան, որ կը զբաղեցնէ այդ պաշտօնը 2015 թուականէն: «Ես մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեմ Յարութին հետ աշխատելուն, որպէսզի մենք երաշխաւորենք, որ «Աւրորա»-ի առաքելութիւնը աշխարհով մէկ շարունակէ համախմբել բոլոր այն մարդիկ, որոնք նուիրուած են համընդհանուր մարդկայնութեան ոգիին եւ աշխարհին ինչ-որ բան վերադարձնելու գաղափարին: Սա «Երախտագիտութիւնն` ի գործ» մեր նշանաբանն է, որ միշտ շարունակական պիտի ըլլայ: Ես ներգրաւուած պիտի մնամ RVVZ եւ IDeA հիմնադրամներուն մէջ` նպաստելով անոնց գործունէութեան: Բոլորին, որոնք նուիրուած են այս նոյն գաղափարներուն, կը հրաւիրենք միանալու «Աւրորա»-ի գործունէութեան»:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ «ԱՊԱԳԱՅ»-ն ջերմօրէն կը շնորհաւորեն Պրն. Յարութ Շիթիլեանի այս յաջողութիւնը:
Յարութ Շիթիլեան շրջանաւարտ է Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ Ալեք Մանուկեան վարժարանէն: