Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան Նիկոլայ Գոգոլի անուան թիւ 35 հիմնական դպրոցի բակին մէջ բացուած է կրթօջախի նախկին սան, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին հերոսաբար զոհուած Արմենակ Ուրֆանեանի անուան հրաձգարանը:
Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ հրաձգարանի բացման պատիւը վերապահուած է հերոսին մօրը` Համեստ Ուրֆանեանին: Ձեռնարկի ընթացքին դպրոցի սաները ներկայացուցած են հարիւրապետ Արմենակ Ուրֆանեանի անցած մարտական ուղին ու ապրիլեան քառօրեայի ընթացքին անոր սխրագործութիւնը:
Հրաձգարանի բացումով դպրոցականները հնարաւորութիւն պիտի ստանան ռազմագիտութեան դասաժամերու որոշ մասը այնտեղ ընելու: Հրաձգարանը բաց պիտի ըլլայ նաեւ անոնց համար, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան այստեղ կատարելագործելու կրակային պատրաստութեան իրենց գիտելիքները: