Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարը կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Կիլատ Էրտան «հակասեմական» կոչած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ երկրի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Նախարարը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած է, որ Իսրայէլ պէտք էր միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ դէմ յստակ քայլեր որդեգրէր եւ նաեւ ճանչնար Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը:

«Մենք պէտք է դիմադրենք, Էրտողանի թշնամանքին եւ հակասեմականութեան: Որոշ տարօրինակ բան տեղի կ’ունենայ, երբ Թուրքիոյ նման երկիր մը կը սպաննէ քիւրտերը եւ կը գրաւէ Հիւսիսային Կիպրոսը, իսկ Արեւմուտքի մէջ օրինական պետութիւն կը նկատուի», յայտարարած է ան` մեղադրելով նաեւ Էրտողանը պաղեստինեան Համաս շարժումին աջակցելու յանցանքով:

Նշենք, որ օրեր առաջ Էրտողան անդրադառնալով Կազայի իրադարձութիւններուն «ահաբեկիչ» կոչած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն:

Վերջինս իր կարգին նշած էր, որ չի պատրաստուիր բարոյականութեան դասեր առնել երկրէ մը, որ Աֆրինի մէջ կը կոտորէ քիւրտերը եւ բռնագրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը: