Լ.Ղ.Հ.  նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Ապրիլին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան` նուիրուած հանրապետութեան մէջ ընկերային-տնտեսական շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերուն: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծումներուն ուղղութեամբ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են պետական նախարար Արա  Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: