Sunmag-ը` Երեւանի մասին. «Արարատը պատրաստ է ձեզ իր գիրկը ընդունելու»

Sunmag ռուսական հանդէսը խորհուրդ կու տայ իր հայրենակիցներուն օգտուիլ մայիսեան տօներէն եւ հանգիստը անցնել այնտեղ, ուր գարնան կիսուն եղանակը տաք է, ուտելիքը համեղ, իսկ գիները մատչելի: Որպէս ճամբորդութեան ուղղութիւն փորթուկալական Ալկարուէի, իսրայէլեան Թել Աւիւի, մոլտովական Քիշնեւի, աւստրիական Ինսպրուկի եւ Մարոքքոյի Մարաքեշի հետ մէկտեղ նշուած է նաեւ Երեւանը:

Յօդուածին հեղինակ Իրինա Շչափովան որպէս յաւելեալ առաւելութիւն ռուս զբօսաշրջիկներուն համար կը նշում, որ Հայաստան կարելի է մեկնել նոյնիսկ ներքին ռուսական անձնագիրով: «Եթէ արտասահմանեան անձնագիր ինչ-ինչ պատճառներով չունիք, միեւնոյն է` Արարատըպատրաստ է ընդունելու ձեզ իր գիրկը», – կ՛ըսուի Sunmag-ի հրապարակած յօդուածին մէջ:

«Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է, անիկա հիմնուած է դեռ մեր թուարկութենէն  առաջ, ուստի պատմամշակութային վայրերու պակաս չկայ` հին եկեղեցիներ ու վանքեր կան ինչպէս քաղաքի կեդրոնին, այնպէս ալ արուարձաններու` զմրուխտէ բլուրներու ֆոնին»,- կը գրէ հեղինակը:

Ան խորհուրդ կու տայ նախապէս ծրագրել, թէ բնութեան գիրկը ըլլալու համար որ ուղղութիւնը  նախընտրելի է` Սեւանայ լիճը, Տաթեւի վանքը թէ Արարատի ստորոտը, ուր նոյնիսկ կարելի է օդապարիկ նստիլ:

«Հակառակ պարագային երեւանեան խորովածներն ու քոնեակը կը գրաւեն ձեր ամբողջ ուշադրութիւնը»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ: