«Ծաղկազարդ»ը ԹՄՄ-եան Կեդրոնէն ներս

«Ծաղկազարդ»ը մեր եկեղեցւոյ ամենակարեւոր ու ամենազուարթ տօներէն մէկն է, որ ամէն մեծ ու փոքր հայ քրիստոնեայ, մոմերով զարդարուն, եռանդով կ’ուղղուի եկեղեցի, տօնելու համար մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:

Այս առիթով Թ.Մ.Մ.-ը իր կարգին ոչ մէկ ճիգ չխնայեց մեր ժողովուրդի եռանդն ու ուրախութիւնը բազմապատկելու համար: Ուստի, ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը հաւաքելով մեր սիրելի ընտանիքները ճոխ սեղաններու շուրջ եւ հրամցնելով համեղ «շաւուրմա»-ն: Ճաշկերոյթի հանդիսավարներն էին Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Կարինէ Ճիյէրճեան: Մթնոլորտը շատ ճոխ էր եւ բոլորին տրամադրութիւնները շատ բարձր: Մեր սիրելի Ատենապետ ընկ. Պերճ Գոգորեան իր սրտի ջերմ խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն, բոլորին շնորհաւորելով Ծաղկազարդը, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք աջակից եղան սոյն ձեռնարկին յաջողութեան:

Ճաշկերոյթի խինդն ու ուրախութիւնը շարունակ բարձր պահելու մտքով պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ պատանուհի Սինդիա Խաչոյեան իր «Նազ Պար»ով: Բոլորը հմայուած դիտեցին եւ ուրախ եղան որ մեր մշակոյթը միշտ կենդանի կը պահուի:

Յաջորդաբար, քանոնով ելոյթ ունեցաւ ընկհի. Մեղրիկ Գանձանակեան, որ իր գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ արտայայտեց մեր հին երգերու բարձր արուեստը:

Օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ հաւկթախաղով: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան գոյնզգոյն հաւկիթներ եւ սկսաւ հաճելի հաւկթախաղը: Վերջաւորութեան, ամենազօրաւոր հաւկիթը արժանացաւ նուէրի մը: Ապա երեք զոյգերու միջեւ կատարուեցաւ «գորոն»ներ պատրաստելու մրցում մը: Այն զոյգը որ աւելի արագ եւ գեղեցիկ «գորոն» պատրաստեց,  ստացաւ նուէր մը: Անտեսանելի չէր կրնար ըլլալ այն գեղեցիկ անկիւնը որ պատրաստած էր յանձնախումբը գունաւոր հաւկիթներով ու ճուտիկներով զարդարուած, որպէսզի ներկայ փոքրիկները յիշատակի պատկերներ ունենան այս տօնակատարութենէն: Մեծապէս գնահատուեցան նաեւ ներկաներուն հրամցուած անուշեղէնները:

Թ.Մ.Մ.ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն ու միշտ վառ կը պահեն հայ մշակոյթի այս օճախը: Նոյնպէս, յատուկ շնորհակալութիւն D.J. Ղեւոնդ Գաւլաքեանին, որ ճոխացուց ու խանդավառեց սոյն ճաշկերոյթը:

Կը շնորհաւորենք բոլորին Ծաղկազարդն ու Սուրբ Յարութեան Տօնը մաղթելով բոլորին լուսաշող ապագայ:

«Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց:

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»

 

Մայտա Մանուկեան-Թաշճեան