Ողջունելի է որ ի վերջոյ Լիբանանը պիտի կայացնէ իր երեսփոխանական ընտրութիւնները Մայիս 6, 2018-ին, ունենալու համար իր նոր օրէնսդիր մարմինը, որուն կազմութիւնը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ յետաձգումներու:
Լիբանանի հայ համայնքը, միւս համայնքներուն կողքին, իր մասնակցութիւնը բերած է երկրի օրէնսդիր ժողովին եւ կը պատրաստուի կրկին սատարել երկրի ժողովրդական վարչակարգի վերստին գոյառման:
Լիբանանի ընտրական կացութիւնը եւ մասնաւորաբար հայ համայնքին ներկայացուցչական մասնակցութիւնը այդ ընտրութեան բարդ խնդիրներ կը պարզեն հայ ընտրող հասարակութեան դիմաց:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, քննելով իրավիճակը նախընտրական Լիբանանի, յանգած է հետեւեալ որոշումներուն.-
ա- Նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի անունով առաջադրուող թեկնածուներուն քաղաքական կշիռը, կ’որոշէ չհովանաւորել իր անունով ներկայացող ոեւէ թեկնածու:
բ- Բոլոր անոնք, որոնք թեկնածու կը ներկայանան ՌԱԿ-ի անունով` պէտք է զանոնք նկատել ինքնակոչ թեկնածուներ, որոնք կը ներկայացնեն միայն իրենց անձը:
գ- Վերապահութեան եւ դատապարտութեան խօսք ունինք բոլոր այն թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք կը խախտեն հայկական միասնականութիւնը, հեռանալով հայկական պլոքէն կամ կը հակադրուին անոր:
ՌԱԿ-ը միշտ եղած է համագործակցութեան եւ համերաշխութեան ջահակիր, եւ հետեւաբար, որեւէ հեռացում հայկական միասնականութենէն կը նշանակէ միասնականութեան եւ հայկական ուժի խախտման սկզբունքային մեղանչում:
Արդ, կոչ կ’ընենք բոլոր լիբանանցի քուէարկողներուն, որ գործածեն իրենց դատողութիւնները եւ իրենց ձայնը տան` նկատի ունենալով վերոյիշեալ կացութիւնն ու սկզբունքները:
Կեցցէ´ ազատ Լիբանանը,
Ողջո´յն անոր անկախ ապագային:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ
Ապրիլ 16, 2018