«ԹՈՒՄՕ»-ի մէջ ներկայացուած է Արցախի զբօսաշրջային նոր քարտէսը

Վերջերս Ստեփանակերտի ‹‹Թումօ›› ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան կողմէ պատուիրուած Արցախի մասին պատմող Infographic-ի աշխատարանի ցուցադրութիւնը: Քարտէսը մշակուած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ստեփանակերտին եւ Շուշիին` հաշուի առնելով զբօսաշրջիկներու կողմէ այդ քաղաքներուն հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը:

Ըստ ‹‹Արցախփրես››-ի` աշխատարանը իրականացնելու նպատակով Միացեալ Նահագներէն Արցախ ժամանած է գծագրիչ-ձեւաւորող Անի Ջաֆերեանը:

Ստեփանակերտի «Թումօ»-ի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեան ըսած է, որ նախագիծին վրայ սկսած են աշխատելու 2017 թուականի ամառը:

«Աշխատարանը ընթացած է երկու փուլով: Առաջինը տեղի ունեցած է այնցեալ տարուան Սեպտեմբերին Մոսկուայէն ժամանած դասընթացավար Արամ Միրզոյանցի կողմէ, որ մինչ այդ Երեւանի եւ Դիլիճանի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու  կեդրոններուն մէջ վարած էր փաթեթաւորման դասընթացք: Ստեփանակերտի մէջ ան արցախցի ուսանողներու հետ պատրաստած է Արցախի, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի նոր քարտէսները: Անիկա վերջնական տեսքի բերելու համար ալ այս տարուան Մարտին տեղի ունեցած է Անի Ջաֆերեանի աշխատարանը: Ծրագրին մասնակցած է 22 ուսանող: Մեզի համար շատ կարեւոր էր որակ ապահովելը, որպէսզի տեսանելի ըլլայ ուսանողներու կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ գոհ մնայ պատուիրատուն: Սա «Թումօ»-ի 29-րդ աշխատարանն էր Ստեփանակերտի մէջ»,- աւելցուցած է Կ. Խաչատուրեան:

Իր հերթին ԱՀ մշակոյթի, եիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան նշած է, որ թէեւ Արցախի զբօսաշրջային քարտէսներ մինչ այդ եւս կային, սակայն այս մէկուն մէջ ներառուած են նոր ենթակառուցուածքները:

«Համոզուած էինք, որ «Թումօ»-ն որակեալ արտադրանք պիտի տայ: Արդիւնքը տեսանելի է, եւ ունինք նոր` արդիականացուած քարտէս: Բացի գեղագիտական հաճելի տեսքէն, քարտէսն ունի նաեւ գործնական նշանակութիւն: Մօտ ժամանակներս անիկա պիտի տպագրուի օֆսէթ տարբերակով եւ պիտի բաժանուի տեղեկատուական կեդրոններուն եւ անցակէտերուն մէջ: Նպատակը այն է, որ զբօսաշրջիկը իմանայ իր տեղը, այն զբօսաշրջավայրերը, ուր կը ցանկայ այցելել: Քարտէսը պիտի ունենայ նաեւ առցանց տարբերակ»,- ըսած է Գրիգորեան:

Աշխատարանի դասընթացավար Անի Ջաֆերեանն ալ նշած է, որ գործ ունէր տաղանդաւոր ուսանողներու հետ:

Անոր խօսքով` սա իր առաջին աշխատարանն էր «Թումօ» կեդրոնին մէջ, որ անցած է արդիւնաւէտ եւ յաջող: