Արցախի մէջ յուշարձաններու պահպանութեան պետական ցուցակին վրայ հաշուառուած է աւելի քան 4000 յուշարձան:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան առիթով, ըսած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան:
Ըստ անոր, Արցախի տարածքին գտնուող բոլոր պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կոթողները ներառուած են յուշարձաններու պահպանութեան պետական ցուցակին վրայ: Անոնք պարբերաբար կը համալրուին նորայայտ յուշարձաններով, ինչպէս նաեւ կը գտնուին պետական հսկողութեան տակ:
«Արցախի տարածքին վրայ գտնուող յուշարձանները կը վերաբերին շատ տարբեր ժամանակներու` քարէ դարէն մինչեւ ուշ միջնադար: Հետեւաբար, եթէ նայինք կրօնական բաժանման տեսանկիւնէն, կան յուշարձաններ, որոնք կը պատկանին այն ժամանակներուն, երբ անգամ ներկայ համաշխարհային կրօնները չկային: Ուստի ըսել, թէ քանի յուշարձան քրիստոնէական են, քանի հատը՝ ոչ, հնարաւոր չէ: Յստակ մահմետական դաւանանքին պատկանող յուշարձաններու թիւը՝ յուշարձաններու պետական ցուցակին վրայ կը հասնի շուրջ երեք տասնեակի»,- նշած է Ն. Երանեան:
Անոր խօսքով՝ Արցախի մէջ բազմաթիւ են ինչպէս պատմամշակութային, այնպէս եւ բնական յուշարձանները: «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի կազմին մէջ գտնուող արգելոցներէն երեքը պատմամշակութային են, երկուքը` բնապատմական:
«Արցախի մէջ գտնուող յուշարձանները ֆիզիկապէս հասանելի են բոլորի համար: Հաւանաբար անոնց մէկ մասը կը գտնուի դժուարամատչելի վայրերու մէջ, կամ քիչ հանրահռչակուած է, որուն պատճառով քիչ է այցելութիւններուն թիւը: Անընդհատ կը տարուին աշխատանքներ նմանատիպ յուշարձաններու հանրահռչակման, տեղեկատուական վահանակներու, տարբեր ցուցանակներու եւ այդ յուշարձաններու շրջակայքի բարեկարգման ուղղութեամբ: Եթէ խօսինք յուշարձաններու բացառիկութեան մասին, հարկ պիտի ըլլայ նշել, թէ ինչ նկատի ունիք՝ բացառիկ ըսելով: Ցանկացած յուշարձան, Արցախի մէջ, ունի իր պատմամշակութային արժէքը եւ հետաքրքրութիւնը»,- աւելցուցած է Ն. Երանեան:
Նշենք, որ ՝ Ապրիլ 18-ը, Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային օրն է: Անիկա ընդունուած է 1983 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր ասամպլէային որոշումով։ Այդ օրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ-երկիրներուն մէջ, կ՝իրականացուին տարբեր ձեռնարկներ. այցելութիւն յուշարձաններ, համաժողովներ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու մաքրում, կլոր սեղաններ: