Լիբանանահայ երգչուհիին նոր երգը` նուիրուած Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն

Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ Փետրուար 7-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային տան մէջ համերգ ունեցաւ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ` ղեկավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի, նոր երգ թողարկած է` նուիրուած Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն:

«Թալիշի դիրքերուն մէջ» կոչուող ստեղծագործութեան երաժշտութիւնը գրած է լիբանանահայ Վահրամ Էմմիեան, խօսքերը` արցախցի Միքայէլ Հաջեան: Երգը նուիրուած է Արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներ` Նորայր Հաջեանին եւ Սարգիս Խաֆալեանին:

«2017 թուականի Մարտին Լիբանանի մէջ կազմակերպուած էր Արցախեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած երեկոյ, որուն Արցախէն հրաւիրուած էր նաեւ Միքայէլ Հաջեան: Վերջինիս զաւակը` Նորայր Հաջեան, զոհուած էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ: Երեկոյի ընթացքին ծանօթացայ Միքայէլ Հաջեանի հետ եւ առ այսօր կը շարունակուի մեր բարեկամութիւնը: Երկու ամիս առաջ ան ըսաւ ինծի, որ որդիին եւ անոր  ընկերոջ` Սարգիս Խաֆալեանին նուիրուած երգ գրած է եւ առաջարկեց կատարել զայն: Լսելով երգը` անմիջապէս համաձայնեցայ: Գործակցելով երաժշտութեան հեղինակ, լիբանանահայ երգահան Վահրամ Էմմիեանի հետ, ձայնագրեցինք երգը»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Շողիկ Թորոսեան եւ աւելցուց, որ տեսահոլովակը պատրաստուած է Արցախի մէջ` Միքայէլ Հաջեանի նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան մասնագէտ Արթուր Բալասանեանի ջանքերով:

«Շատ կը ցանկայի Արցախի մէջ, Թալիշի դիրքերուն մէջ ըլլալ եւ մասնակցիլ նկարահանումներուն, սակայն չկրցայ: Իսկ տեսահոլաւակը կարծես լուսանկար մը եւ տեսապատմութիւն ըլլայ` հերոս տղաներու մասնակցութեամբ»,-ըսաւ լիբանանահայ երգչուհին:

Շողիկ Թորոսեան նշեց, որ սփիւռքահայ արուեստագէտի առաքելութիւնն է նպաստել հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման, ինչ որ  ինք կը փորձէ կատարել երգի ճամբով: Իսկ հայրենասիրական երգեր կատարելուն` պատասխանատուութիւնը աւելի կը մեծնայ:

«Ինծի համար շատ մեծ է երգի նշանակութիւնը: Շատ զգացական  մօտեցած եմ, երգի միջոցով նոյնացայ Հաջեան ընտանիքին հետ, զգացի անոնց ցաւը, ապրումները, կարծես եղբօր համար երգէի»,-նշեց Շողիկ Թորոսեան: