Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական օրերու նախօրէին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ Շաբաթ՝ 21 Ապրիլին ընդունած էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանն ու Ազգ. Վարչութեան եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Սուրիոյ Նախագահութեան կայքին համաձայն, Նախագահը այս առիթով բարձրօրէն գնահատած է հայ համայնքին շինիչ դերը Սուրիական Հայրենիքի դիմագրաւած ծանր օրերուն ու ըսած. «Հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքերով չեն արտայայտեր։ Հայրենասիրութիւն կը նշանակէ պատկանելիութեան զգացում, հայրենի հողի պաշտպանութիւն։ Կը նշանակէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր ներդրումը բերէ ամենալաւ ձեւով, անկախ իր ազգային կամ ցեղային պատկանելիութենէն։
«Մեր ներկայ մարտահրաւէրը ոչ թէ միայն պատերազմին հետեւանքով մեր երկրին քանդուած ենթակառոյցները վերականգնելն է, այլ վերակազմաւորելն է սուրիական ընկերութիւնը իր բազմաշերտ ու գունեղ հիւսուածքով։ Այնպէս ինչպէս որ էր պատերազմէն առաջ։ Սա է, որ կ՚առանձնացնէ սուրիական ընկերութիւնը այլ ընկերութիւններէ։
«Այս փուլին, անհրաժեշտ է, որ սուրիական ընկերութեան բոլոր շերտերը համարկուին եւ փորձառութիւններու փոխանակումով հարստանան, որպէսզի իւրաքանչիւր շերտ ինքնիր մէջ փակուած չմնայ, ընդհակառակն. գործակցելով զարգանանք ու զարգացնենք մեր երկիրը։
«Քաղաքացիական հասարակութիւնը կարեւոր գործօն է երկրի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, ուստի անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել, որ պետական եւ ոչ-պետական կողմերու աշխատանքները համալրուած ըլլան ու ծառայեն Սուրիոյ ժողովուրդին՝ երկրի բոլոր հատուածներուն մէջ։
«Քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման մէջ էական դեր ունին ոչ միայն մարդասիրական, այլեւ մշակութային, ընկերային եւ կրթական ծրագիրները, յատկապէս գիւղերուն մէջ։
«Այս բոլորին մէջ, կը հաւատամ, մեծ է դերը հայ համայնքին»։