Հայաստանի եւ Արցախի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, կառավարութեան անդամներ, ԱԺ պատգամաւորներ, այլ պաշտօնեաներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին դիմաց, պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցուցին Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Անմար կրակին մօտ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, հաւաքուածները գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սպաննուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը:

Ապրիլ 24-ին գիշերուընէ եւ վաղ առաւօտէն մարդոց հոսքը յուշահամալիր չի դադրեցաւ: Յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն հայկական համայնքներուն մէջ: Բողոքի կոչեր բարձրացուցին Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձներ յղեցին միջազգային հանրութեան` ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը` թոյլ չտալով ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ: