Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով յատուկ կոչ յղած է Թուրքիոյ ժողովրդին` յորդորելով առերեսուելու անցեալի հետ եւ դէմ կանգնելու ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան:
Փայլանի Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ հրապարակուած կոչը կը ներկայացնենք ստորեւ:
«Մեծ Եղեռնէն մինչ օրս անցած է 103 տարի, սակայն այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած եւ մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան դեռեւս չեն առերեսուած:
«Քանի որ այս յանցագործութեան հետ առերեսումը տեղի չէ ունեցած եւ անիկա անպատիժ մնացած է, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած են նաեւ այլ եղեռնագործութիւններ: Որովհետեւ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր եղեռնագործութիւն պատճառ կը դառնայ նոր յանցագործութիւններու:
«Մինչդեռ ցեղասպանութեան` անցեալի ու ներկայի հետ առերեսումը կրնայ նպաստել մեր երկրի հասարակական խաղաղութեան հաստատման:
«Եկէք միասին դէմ կանգնինք ուրացման այս պաշտօնական քաղաքականութեան: Եկէք միասնաբար ջանք թափենք, որպէսզի իրականութիւնը բացայայտուի: Միասնաբար յիշատակենք այս հողերու կորուստները, մե՛ր կորուստները: Նոյնիսկ եթէ մենք չենք կրնար բուժել այս վէրքը,եկէք գոնէ միասին սգանք»:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Փայլան խորհրդարանին մէջ յատուկ ասուլիս մը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով:
«Յարգելի նախագահը արդէն 4-րդ տարին է` ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր ատոր համար, ատիկա ցաւը մեղմող հանգամանք է, իրօք շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ատիկա քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Տեսէք` կ՛ըսուի «Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու …»: Բայց իմ տատիկը, իմ պապիկը պատերազմի պատճառով չեն մահացած, պարո՛ն նախագահ: Իմ տատիկն ու պապիկը զինուորներ չէին, անոնք (նկատի ունի հայ խաղաղ բնակիչները-Tert.am) արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ»,- ըսած էր Փայլան: